image

Նիւ Եորք- Նիւ Եորք (2)

Նիւ Եորք- Նիւ Եորք (2)

Երբ դրամատիրութեան ծաղկումը կ՝արշաւէ գեղեցկօրէն ու անհաս ձեւով դաւանաքներուն ու համակարգներուն, եւ դուն չես յեղափոխանար. Այդ մէկը կը պատգամէ Նիւ Եօրքը իր հոգիով ու սէրով, իր անցուդարձով ու մարդոց կերպարագործմամբ: Կրնա՞ս զգալ կամ ատել Նիւ Եօրքը եթէ համայնավար ես, կամ հաւատացող մարդկային Եուիթոպեային ու արդարութեան: Կը կարծեմ զգալով զայն իբրեւ քաղաքահայր  չես կրնար ատել, չես կրնար շրջանցնել զայն վասն ամենախենթ դաւադրողականութիւններուն, վասն համամարդկայնութեան ամենամեծ խոստումներուն կամ որեւէ տիեզերականութեան ալ: Նիւ Եօքը դիտուած ու հմայիչ եղածի փառքը կը փոխանցէ քեզ, փառք ու փայլ մը որը տիեզերքէն կարծես կը գնահատուի եւ ոչ միայն մարդկային չափանիշներով ու ոգով կը վերծանուի: 

Շահն է շարժիչը կը կարծես հոս, բայց չխորտակելու խոստումով իրմէ առաջ մարդկութեան Նիու Եօրքեան կոչումը:

 Մենք պիտի շահինք Ուալ Սթրիթով ու Պօրսայով,

 նորանոր ծրագիրներով ու դրամապաշտութեամբ,

 բայց տեսէք հոս մարդկութիւը կը քալէ,

 անհոգ աւելի քան ուրիշ տեղեր,

 ու կը հնձէ կեանքի ամէնաբանալիութիւնը,

 ամէն վայրկեան,

յաւերժի գացող մեծութեամբ մը:

 Եւ դրամատիրութեան հիմքն ու ողնածուծը կը թաւալի իր իսկ ստեղծած բացառութիւններու հաւաքագրկումներով, տալով Նիու Եօրքին առաքելութեանց առաքելութիւնը ու մղելով մարդկային բոլոր վարդապետութիւնները զգուշ ըլլալու իրենց գործադրումներուն մէջ:

 Երբ մտայ մեթրօն արդէն իսկ կառուցուեցաւ մարդկային քաղաքակրթութեան ամէնահին–ամէնանոր ու ամէնախոր ու թեթեւ լիացումները, անհատի-հաւաքականի, մէկի-ընդհանուրի, եսի-մենքի յարաբերութիւնները պայթեցնելով, հորթեցնելով, յարութեան հաստատ կայացմամբ ոչնչացնելով: Մարդը երբ գեր կերպով հրաշածնութեամբ մը կ՝ապրի ու կ՝ապրեցուի ակամայ կը դառնայ մարդկայնականութեան աղբիւր իր ամէն չափանիշներով, իսկ Նիւ Եօրքը հոն կը տանի մեզ:

 Լօնտոնի, Փարիզի եւ բոլոր մեծ կայսրութիւններու մայրաքաղաքները ունէի՞ն Նիւ Եօրքի տեսիլքը իրենց մէջ, անոնք դեռ կան ու կան համեմատուելու փորձութիւնները, բայց կը դժուարանան կարծէք քաղաքները տեսնելու Նիւ Եօրքը իրենց յոյսէն ու տեսիլքէն դուրս, քանի այն նուաճած է տեսագործութիւնը մարդկայինի հաւաքական քաղաքագործման: Նիւ Եօրք մէջ պատահարը կարծես օդէն կախուած է ու վախցնելու աստիճան պիտի ու կը կատարուի յանկարծականութեամբ մը, որը հասնող չէ ինչքան որ հոսող է ու ծեփաճկուն, չափը ըլլալով ու ապրեցնելով չափանիշներէ զատ, բայց տեւաբար չափանիշներեր գծով։ 

Հոն է Նիւու Եօրքը, մեծ է Նիւու Եօրքը։

Մարդկային զարգացման խորհրդանշութեան կը ձգտի այս քաղաքը, արդէն բարձրութիւնները միշտ տիեզերականացման տանող եղած են, իսկ հիմնական յատկանիշը տիեզերքին կարծեմ կազմակերպուածութիւնն ու օրինաչափ ըլլալն է։ Վերէն Նիու Եօրքը տեղ մը մարդկային ու գոյութեան ծագման, կազմակերպման ու ապագայի պատկերի մասին շատ յուզող հարցեր կու տայ, եթէ կազմակերպուած է այսքան բան ու աշխատող ուրեմն պէտք է մտածել որ յաջողութիւնը կազմակերպումին մէջ է միայն բայց նոյն ատեն գերմարդկայնութիւն ըլլալու միտքը (մեզմէ անկախ ու գերիշխող) նեղացնող է սովորականութեան ընծայած "ապահով ու քաղցր" վիճակով։ Այն բարձրագոյն ու տխրեցնող ալ զգացումը կու տայ Նիու Եօրքը որ մխիթարանք չկայ իր ունեցած կատարելագործումը թերագնատելու կամ մխիթարութիւն կամ ազատում չկայ այն միտքէն որ աւելի խճճուած ու կատարելագործուող կերպ կայ ապրուստի հոս։ Մեծ է ամէն ինչ եւ Նիու Եօրքի ամէն անկիւն ծաւալութեան շունչը կը զգաս, բայց այսօր Նիու Եօրքի MERCER LAB թէքնօլօճիի թանգարանը այցելելով մտածեցի ապագայապաշտութեան ժամանակին ու "ապագան հիմա է" իրենց գրութեան, մարդկային տեսակի, առաքելութեան ու քաղաքակրթութեան սլացքին ու բաշխումին մասին։ Հիանալի էին ցուցադրութիւնները եւ ամենաշատը Նիւ Եօրքի փոխանցած ապրումները գծող։

Կը տեսնիունք միշտ մեծ քաղաք։

 

•շար. 2 եւ վերջ

 

Տիգրան Գաբոյեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Տիգրան Գաբոյեան

Տիգրան Գաբոյեան

Ծնեալ Հալէպ, Սուրիա: -Ուսումով իրաւագէտ եւ Մա...