image

Թրամփ չէ բացառած Ուքրանիոյ Patriot համալիրներու յաւելեալ մատակարարումը

Թրամփ չէ բացառած Ուքրանիոյ Patriot համալիրներու յաւելեալ մատակարարումը

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ համագործակցիլ Ուքրանիոյ հետ՝ զէնքի, զինամթերքի, ներառեալ Patriot հրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման գծով։

«Անոնց այդ բոլորը պէտք կու գան իրենց պաշտպանութեան համար։ Ես չեմ ուզեր տեսնել, թէ մարդիկ ինչպէս կը սպաննուին։ Անոնց այս զինամթերքը պէտք կու գայ, որովհետեւ իրենք (ռուսերը -խմբ.) բաւական ուժգին կը հարուածեն։ Այո՛, մենք կրնանք այդ դիտարկել»,–  ըսած է Թրամփը լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով՝ հնարաւոր լրացուցիչ համալիրներ տրամադրելու մասին հարցումին։

Թրամփ նաեւ նշած է, թէ հարցը քննարկած է Յուլիս 4-ին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին։