Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունած է Ս.Օ.Խաչի Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբի ներկայացուցիչները եւ Ս.Օ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Երկուշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Ս.Օ.Խաչի Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբի ներկայացուցիչները, որոնց կ՚ընկերակցէր Ս.Օ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեան։
Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետ Էմմա Վարդապետեան զեկուցեց Ազգ. Պատսպարանի գործունէութեան մասին եւ հրաւիրեց Սրբազան Հայրը Պատսպարանի սաներուն հետ Նոր Տարուան խրախճանքին Ներկայ գտնուելու։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Ազգ. Պատսպարանի անձնակազմին, սաներուն, եւ Նոր Տարուան ընդառաջ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց։