Օրերս Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, հիւրընկալեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ նորընտիր Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամները, որոնք Սրբազան Հօր ներկայացուցին միութեան յառաջիկայ ծրագիրները մատչելով Սրբազանի օրհնութեանը։
Հանդիպման մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ, 30 Մայիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս
հիւրընկալեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ նորընտիր Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամները։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Յանձնաժողովի անդամները անդրադարձան միութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը խնդրեցին։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական յորդորներով գօտեպնդեց Յանձնաժողովի անդամները, որոնք ծառայութեան պատրաստակամութեամբ լծուած են աշխատանքի եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց անոնց։
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր նորատիպ գիրքերէն նուիրեց այցելուներուն: