Հալէպի մէջ օրերս, Հալէպի հայկական համայնքի յարանուանութեանց պատասխանատուները (համայնքապետերը) հերթական հանդիպում մը ունեցած են՝ Հայ Աւետարանական համայնքապետարանէն ներս:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ ատոր մասին տրուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 31 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հերթական հանդիպում ունեցան, Վերապատուելի Համայնքապետին հիւրընկալութեամբ, Հայ Աւետարանական համայնքապետարանէն ներս:
Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան ներկայիս տիրող իրավիճակը, առկայ մարտահրաւէրները եւ համայնքներու յառաջիկայ ծրագիրները։