image

Հալէպ. Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հերթական ժողով

Հալէպ. Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հերթական ժողով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն կը կարդանք՝ 

Շաբաթ, 30 Մայիս 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ քրիստոնեայ համայնքապետներու հերթական ժողովին, հիւրընկալութեամբ՝ Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Իպրահիմ Նսէրի, համայնքապետարանէն ներս։

Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։

Ժողովին արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցեր։

Համայնքապետները ցաւակցութիւն յայտնեցին Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ՝ համայնքի նախկին Առաջնորդ Եուհաննա Ճանպարթի վախճանումին տխուր առիթով, յիշելով անոր եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։

Համայնքապետները համագործակցութեան ոգիով աղօթեցին առ բարձեալն Աստուծոյ, հայցելով անոր պահպանութիւնը։