image

Հադրութի մէջ. 3 Զինծառայողի աճիւն յայտնաբերուած է

Հադրութի մէջ. 3 Զինծառայողի աճիւն յայտնաբերուած է

Արցախի ԱԻՊԾ-էն յայտնած են, որ զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնումները այսօր փրկարարական մէկ ջոկատով իրականացուած են Հադրութի շրջանին մէջ։

Աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած եւ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած շրջանէն տարհանուած է եւս 3 աճիւն։

Անոնց ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք։

Նշենք, որ զինադադարէն ետք մինչ օրս, Արցախի վերահսկողութենէն դուրս մնացած տարածքներէն յայտնաբերուած է 1601 աճիւն։