Շաբաթ, 22 օգոստոս 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ 16 հոկտեմբերէն մինչեւ 1 նոյեմբեր կայանալիք «Նաւասարդեան» մարզախաղերուն:
Մամլոյ ասուլիսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լուսին Գազանճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ասուլիսի մասնակիցներուն` դիտել տալով, թէ այս մարզախաղերը ՀՄԸՄ-ի եւ երիտասարդութեան կեանքին մէջ ունին իւրայատուկ արժէք ու իմաստ:
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Իշխան Եղիայեան, որ պաշտօնապէս յայտարարեց Լիբանանի մէջ «Նաւասարդեան» մարզախաղերու մեկնարկը: Ան ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւնը նոր էջ մը կը բանայ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատմութեան մէջ եւ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ մարզական կեանքը աշխուժացնելու եւ հայ երիտասարդութիւնը ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին շուրջ համախմբելու առումով: Ան դիտել տուաւ, որ Շրջանային վարչութիւնը իր ծրագիրներուն շարքին նկատի առած էր կազմակերպել այս մարզախաղեր, որոնք 1970-էն ի վեր կանգ առած են Լիբանանի պատերազմին պատճառով: Եղիայեան յիշեց, որ Լիբանան արդէն ունէր միջմասնաճիւղային մարզախաղեր, որոնք շատ գնահատելի էին, սակայն ներկայիս պայմաններու փոփոխութեան հետ պէտք էր յարմարիլ նոր իրավիճակին եւ համապատասխան գործել: Անոր համաձայն շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունին նաեւ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած հայկական վարժարաններու ԼԵՎԱՄ-ի խաղերը, սակայն անոնց չեն կրնար մասնակցիլ ոչ հայկական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտները, որոնց ծնողները` մասնակցած ըլլալով այդ խաղերուն, յաճախ փափաք կը յայտնեն իրենց զաւակները եւս ներգրաւելու նման մարզախաղերու: Այս բոլորին լոյսին տակ է, որ, նշեց Իշխան Եղիայեան, բիւրեղացաւ «Նաւասարդեան» մարզախաղերու բնոյթն ու մասնակցութեան պատկերը` ներգրաւելու դուռ բանալով հայ պատանիներու, որոնք ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերուն մաս չեն կազեր, նաեւ առիթ տալ ոչ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներուն` միանալու ՀՄԸՄ-ի մարզախաղերուն:
Ապա բացատրեց, թէ ինչո՛ւ որոշած են խաղերը կոչել ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» մարզախաղեր: Նաւասարդ բառը հայկական հին օրացոյցով առաջին ամիսն էր, որ հայկական տարին կը սկսի, մշակութային ամիս էր, երբ տօնախմբութիւններ կը կազմակերպուէին, նաեւ տեղի կ՛ունենային մրցումներ, ուր հայ երիտասարդները կը մրցէին, եւ ի վերջոյ յաղթական կը հանդիսանային լաւագոյնները` ուրախ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ: «ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը հաւատայ, որ այս աշխատանքը նոր թափ, նոր եռանդ եւ նոր համակիրներ պիտի համախմբէ թէ՛ ՀՄԸՄ-ին, թէ՛ մեր ակումբներուն եւ թէ՛ մեր հաստատութիւններուն շուրջ», յայտարարեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը` յոյս յայտնելով, որ այսպիսով նոր էջ մը կը բացուի թէ՛ ՀՄԸՄ-ին եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան սիրտը կազմող լիբանանահայութեան համար:
Այնուհետեւ Զաւէն Տէր Պետրոսեան ներկայացուց «Նաւասարդեան» մարզախաղերու տեսլականը, նպատակները եւ ծրագիրին ընդգրկած մարզաձեւերը` մանրամասնելով այն ուղղութիւնները, որոնց վրայ հիմնուած է այս նոր նախաձեռնութիւնը: Ան ըսաւ. «Շատ հիմնական է նոր արդիական ձեւեր գտնել, որպէսզի կարելի ըլլայ գրաւել Լիբանանի հայ համայնքի բոլոր զաւակները` զանոնք աւելի մօտեցնելով ՀՄԸՄ-ին, եւ ոգեշնչել ու քաջալերել Լիբանանի իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ իր տեղը գտնելու ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ` օգտագործելով մարզանքը իբրեւ միասնութեան եւ դրական մրցակցութեան միջոց»: Ան նաեւ ներկայացուց «Նաւասարդեան» մարզախաղերու նոր նշանակը, որուն մէջ երեւցող մարզական ջահը կը ներկայացնէ մրցակցութեան եռանդ, վերանորոգում եւ գոյատեւում, մարզիկերը` մասնակցութիւն, միասնականութիւն եւ փոխադարձ վերելքի ոգի, ՀՄԸՄ-ի վահանը` ժառանգութիւն եւ միութենական ինքնութիւն, Արարատ լեռը` հայկական արմատներ, ինքնութիւն եւ շարունակութիւն, Լիբանանի մայրի ծառը` Լիբանան եւ պատկանելիութիւն, եւ վերջապէս շրջանակը, որ կը խորհրդանշէ հայութեան եւ հայ մշակոյթի խորհրդանիշ, միասնակամութիւն եւ յառաջընթաց:
Ապա Կարօ Պէրպէրեան յայտարարեց «Նաւասարդեան» մարզախաղերու յանձնախումբի կազմը` որ կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն` Կարօ Պէրպէրեան, Սանան Խաչերեան, Մարգօ Խորշիտեան, Դուին Մումջօղլեան, Վիքի Գուլաճեան, Ալեքս Պէօիւքեան, Կարէն Պոյաճեան, Մարիա Գէորգեան եւ Լարա Քեչեպաշեան, որոնք պիտի ստանձնեն խաղերու կազմակերպման եւ իրականացման պատասխանատուութիւնը: Ան ըսաւ, որ մրցումները պիտի սկսին 16 հոկտեմբեր 2026-ին եւ պիտի շարունակուին մինչեւ 1 նոյեմբեր 2026, զանազան վայրերու մէջ: 18 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացման հանդիսութիւն, 31 հոկտեմբերին «Նաւասարդեան» յաղթանակի երեկոյ, իսկ 31 հոկտեմբերին փակման հանդիսութիւն:
Զաւէն Տէր Պետրոսեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր մարզախաղի տարիքային բաժանումներուն մասին` նշելով նկատի առնուած մարզախաղերը` ֆութպոլ, պասքէթ, փինկ փոնկ, ճատրակ, փետըլ եւ հեծանիւ:
Անկէ ետք Կարէն Պոյաճեան ներկայացուց «Նաւասարդեան» մարզախաղերու պաշտօնական ընկերային ցանցերու հաշիւները, կայքէջը եւ մարզախաղերու վերաբերող այլ կարեւոր մանրամասնութիւններ: Ան նշեց, որ կայքէջին վրայ պիտի տեղադրուին խաղերու ամբողջական ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ խաղերուն արդիւնքները օրական դրութեամբ պիտի սփռուին անոր միջոցաւ:
«Նաւասարդեան» մարզախաղերու ընկերային ցանցերու էջն է` navasartian.games.lb, իսկ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պաշտօնական կայքէջը` homenetmenlebanon.com:
Ան նաեւ անդրադարձաւ մասնակցութեան արձանագրութեան գործընթացին եւ այն կարելիութիւններուն, որոնք կ’ընձեռուին տարբեր հաստատութիւններու, ընկերութիւններու եւ անձնաւորութիւններու` «Նաւասարդեան» մարզախաղերու հովանաւոր դառնալու համար:
Կ. Պոյաճեան նշեց, որ որեւէ մասնակից հարցումներ եւ կամ արձանագրութեան շուրջ հարցեր ունենալու պարագային կրնայ յանձնախումբին հետ կապուիլ ուացափի հետեւեալ թիւով` 961 81 492409: Արձանագրութիւնները պիտի ըլլան առցանց` ե- նամակի միջոցաւ: Արձանագրութիւնը կրնայ ընել մարզիկը, անոր ծնողքը կամ խումբի պատասխանատուն: Մարզիկը կարելիութիւն ունի ընտրելու մէկէ աւելի մարզախաղ: Մասնակիցը պէտք է ունենայ լիբանանեան հպատակութիւն կամ կեցութիւն: Մասնակիցը պարտին ըլլալ հայ` նուազագոյնը անոր մեծ մայրը կամ հայրը պէտք է ըլլայ ծագումով հայ: Այս մարզախաղերուն երեք հիմնական հովանաւորներն են` ELITE, DIAMOND եւ PLATINUM:
Ապա կրկին խօսք առաւ Կարօ Պէրպէրեան, որ յոյս յայտնեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը պիտի դառնայ այն հարթակը, որուն միջոցով Լիբանանի բոլոր հայերը առիթ պիտի ունենան ապրելու եւ զգալու ՀՄԸՄ-ական իսկական ոգին: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` միանալու այս նոր փուլին եւ իրենց մասնակցութեամբ մաս կազմելու «Նաւասարդեան» մարզախաղերու պատմութեան:
Ելոյթներէն ետք ներկաները իրենց հարցումները ուղղեցին կազմակերպիչներուն, որոնք աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ տուին «Նաւասարդեան» մարզախաղերու, մասնակցութեան, մարզաձեւերուն եւ կազմակերպչական այլ մանրամասնութիւններուն վերաբերող:
Մամլոյ ասուլիսը փակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգով` «Յառաջ Նահատակ»-ով:






Լուսանկարները` ՍԵՒԱԿ ՍԱՂՊԱԶԱՐԵԱՆԻ