Para TV-ի ունեցած տեղեկութիւններով, ատրպէյճանցի ոստիկանները Գորիս-Կապան ճանապարհի Որոտան համայնքի հատուածին մէջ ձերբակալած են երկու իրանցի վարորդ, որոնք ծեփան (սեմենթ) կը տեղափոխէին Ստեփանակերտ եւ Երեւան։
Ինչպէս կը հաղորդեն Para TV-ի աղբիւրները՝ վարորդները հեռախօսով հասցուցած են յայտնել, որ ձերբակալուած են եւ ատրպէյճանցիները կը պատրաստուին դատել իրենց, որմէ ետք կապը ընդհատուած է։
Խնդրի վերաբերեալ պարզաբանում կամ մեկնաբանութիւն ստանալու համար ՀՀ ԱԱԾ-ի հետ կապուիլ դեռ չէ յաջողուած, իսկ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունէն Aysor.am-ին խնդրած են գրաւոր հարցում ուղարկել։