image

Ղազի Ըզ Ալ Տինի մահուան դէպքը բողոքի ալիք կը բարձրաձնէ Պէյրութի մէջ

Ղազի Ըզ Ալ Տինի մահուան դէպքը բողոքի ալիք կը  բարձրաձնէ Պէյրութի մէջ

 Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Լիբանանցի Ղազի Ըզ Ալ Տինի մահուան լուրը բողոքի ալիք բարձրացուցած է Պէյրութի մէջ։

 Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ BBC- Arabic կայքէն։

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ իմարաթեան մարմիններ Ըզ Ալ Տինն ու անոր երկու եղբայրները ձերբակալած են մարտ ամսուան ընթացքին ու ձերբակալման պատճառները մինչեւ այս պահը յստակ չեն։

Կը նշուի նաեւ, որ Ըզ Ալ Տին տարիէի ի վեր բնակութիւն հաստատած էր ԱՄԷ-ի մէջ եւ կը զբաղուէր գործարարութեամբ։

Լիբանանցի փաստաբանուհի Մայա Սապպաղ, որ այս մասին կարճ տեսանիւթ մը պատրաստած է նկատել տուած է, որ Ըզ Ալ Տինի «սպանութիւնը» մարդկային իրաւանց խախտման հետեւանքով եղած անընդունելի արարք է։ Ան նաեւ կոչ ուղղած է լիբանանեան մարմիններուն հետապնդել այս հիմնահարցը եւ պաշտպանել քաղաքացիներու նուազագոյն իրաւունքները։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ըզ Ալ Տինի թաղումը եղած է խորհրդաւոր պայմաններու տակ։