Յայտնաբերուած է շուրջ տարի մը առաջ Գերմանիոյ մէջ կորսուած համարուող Գրիգոր Աշնաքալեանի անշնչացած մարմինը։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Գերմանիոյ իր աղբիւրներէն։
Մահուան հանգամանքներուն մասին ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն կը տրուի։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ մէջ ուսանած ու ապա որպէս բժիշկ վկայուած Գրիգոր Աշնաքալեանի հետքը կորսուած էր անցեալ յուլիս ամսուան ընթացքին՝ Գերմանիոյ Լայփցիկ քաղաքին մէջ։
Ապահովական մարմիններ, ծանօթներ ու բարեկամներ կարեւոր ճիգեր կատարած էին յայտնաբերելու կամ գտնելու անոր հետքերը, սակայն ի զուր։
Ցաւագին այս լուրը շատ արագ կերպով տարածուած ու հասած է Գրիգորի հարազատներուն, որոնք ամիսներէ ի վեր կը յուսային, որ իրենց որդին եւ հարազատը պիտի գտնուի։