image

Գերիներու հարցով ՝ յանձնաժողովի նիստ

Գերիներու հարցով ՝ յանձնաժողովի նիստ

2024 թուականի մարտ 12-ին ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Ա.Աբազեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուած (գտնուելու վայրն անյայտ) անձանց հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որուն բացի Յանձնաժողովի անդամներէն ներկայ էին նաեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Վիլեն Գաբրիէլեանը եւ անյայտ կորսուած անձանց ծնողներու շահերը ներկայացնող Արսէն Ղուկասեանը, յայտնած են ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան ծառայութենէն։:

Նիստի ընթացքին Յանձնաժողովի նախագահ Ա. Աբազեանը խօսած է ապագայ ընելիքներու եւ առաջնահերթութիւններու վերանայման անհրաժեշտութեան մասին, մասնաւորապէս, ընդգծուած է Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցի հետ բանակցութիւններ վարելու կարեւորութիւնը՝ հաշուի առնելով համագործակցելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ կողմերու յայտարարութիւնները:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ՀՀ քննչական կոմիտէին մէջ անյայտ կորսուած անձանց անյայտ կորսուելու հանգամանքներու վերաբերեալ ընթացող նախաքննութեան: ՀՀ քննչական կոմիտէի ներկայացուցիչները ներկայացուցած են նախաքննութեան ընթացքի վերաբերեալ տեղեկատւութիւն:

Ընդգծուած է Յանձնաժողովի եւ ընտանիքի անդամներու միջեւ մշտական տեղեկատուական կապ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Նշուած է, որ Յանձնաժողովը եւ ատոր կից աշխատանքային խումբը պիտի շարունակեն աշխատիլ ծնողներու եւ հարազատներու հետ, ընդունիլ դիմումներ անոնց յուզող խնդիրներու վերաբերեալ եւ կազմակերպել ընդունելութիւններ, քանի որ ծնողներու տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքի պաշտպանութիւնը Յանձնաժողովի գործունէութեան անքակտելի սկզբունքներէն է:

Խօսուած է միջազգային կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ գերեվարուած ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց վերադարձի շուրջ ընթացող բանակցութիւններու մասին:

Նիստի ընթացքին բարձրացուած են անյայտ կորսուած անձանց ծնողներուն յուզող տարբեր ոլորտներուն վերաբերող խնդիրներ, որոնց շուրջ քննարկումներ ծաւալած են եւ առաջարկներ հնչած՝ լուծման հնարաւոր տարբերակներու վերաբերեալ: