image

Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ Հայ մամուլին

Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ Հայ մամուլին

Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը որոշած է շարունակել պոլսահայ մամուլին օժանդակութիւնը եւ երեք ամիսը անգամ մը 35 հազար լիրա յատկացնել թերթերու խմբագրութեանց:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Անցեալ տարի, երբ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը յատուկ ասուլիսի մը հրաւիրելով կը յայտարարէր մամուլին զօրակցելու իրենց ծրագրի մասին, իսկ Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ կը մաղթէր որ իրենց քայլը օրինակ հանդիսանար ապահով միւս թաղերու վարչայիններուն, յոյսի փոքրիկ նշոյլ մը կը փայփայէինք: Այո՛, կը կարծէինք որ համայնքային հաստատութիւններուն մէջ կը գտնուէին անձեր կամ թաղականներ, որոնք, անկեղծօրէն կը մտահոգուին Պոլսահայ մամուլի ապագայով:

Բայց. . . հերթական անգամ ջուրը ինկան բոլոր յոյսերը: Թէ՛ Պր. Կիւլմէզկիլի, թէ՛ մեր ձայնը մնացին որպէս "ձայն բարբառոյ անապատի":

Բացի Գարակէօզեանէն, ուրիշ ո՛չ մէկ հաստատութիւն խորհեցաւ Պոլսահայ մամուլին օժանդակելու մասին: Քանիցս ըսուեցաւ որ ԷՐՎԱՊ մամուլի հարցը ձեռք պիտի առնէր, սակայն միշտ "ժամանակ չմնաց" մամուլին համար կամ առիթ չստեղծուեցաւ որպէսզի ԷՐՎԱՊ-ի երդիքին տակ ի վերջոյ "պոլսահայութեան պատմագիր" մամուլն ալ ի վերջոյ արժանանար ուշադրութեան:

Ընդհանուր այս անտարբերութեան մթնոլորտին մէջ, երբ ամէն հաստատութիւն իր "տարտ"ը կուլայ եւ կամ "մեծ գործեր"ու ետեւէն ինկած է, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը որոշեց շարունակել մամուլին օժանդակութիւնը եւ երեք ամիսը անգամ մը 35 հազար լիրա յատկացնել թերթերու խմբագրութեանց:

Այս առտու, օժանդակութիւնը շարունակելու մասին լուրը մեզի ղրկուեցաւ Խնամակալութեան բանբեր, փաստաբան Սարօ Պէնկլեանի կողմէ:

Գնահատելի որոշում մը, որուն համար շնորհակալ ենք Գարակէօզեան տան խնամակալութեան Ատենապետին եւ իր գործակիցներուն: