«Առեղծուածային հիւանդութիւն» մը յայտնուած է գանատական Նիւ Պրանսուիք նահանգին մէջ, ուր 6 մարդ մահացած, իսկ 48 ուրիշներ վարակուած են ուղեղի անյայտ հիւանդութեամբ մը, ինչ որ մտահոգութիւն յառաջացուցած է երկրին մէջ:
Բազմաթիւ քաղաքայիններ սկսած են գանգատ ներկայացնել, որ մոռացութիւն եւ շփոթի մատնուած կը զգան տարօրինակ հիւանդութեան պատճառով:
Գանատական իշխանութիւնները այժմ կը պայքարին աւելին բացայայտելու ջղային համակարգը հարուածող այս առեղծուածին մասին, երբ դեռ անոր յստակ պատճառը պարզ չէ:
Մահացած վեց մարդոց տարիքը 18-էն 85-ի միջեւ է:
Բացի շփոթութենէն եւ ուղեղի մշուշապատումէն, կը նշուի նաեւ ախտանշաններու անսովոր համադրութիւն մը, ներառեալ գլխապտոյտ, մտահոգութիւն, զառանցանք, յիշողութեան խնդիրներ, ցաւ եւ նոյնիսկ շարժման աստիճանական կորուստ:
Գանատայի առողջապահութեան կազմակերպութիւնը ահազանգած է տարածաշրջանին մէջ ջղային համակարգի այս անսովոր պայմաններուն մասին 2020 թուականի վերջերը:
Նիւ Պրանսուիքի նեարդաբանները ներկայիս կ'աշխատին պարզելու այս առեղծուածային դէպքը: