Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալն Ատրպէյճանէն պահանջած է դուրս բերել իր ուժերը Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն։ Այդ մասին Ֆրանսայի կառավարութեան ղեկավարը յայտարարած է մարտ 20-ին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ժամանակ, հաղորդած է Le Figaro-ն։
«Այսօր մարտահրաւէրը Հայաստանին օգնելն է պաշտպանել իր անկախութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, իր տարածքը եւ պահպանել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը»,-ըսած է ան։
Կապրիէլ Աթալը նաեւ յայտարարած է, որ «Ռուսիան կ՚ուզէ Հայաստանը պատժել՝ խաղաղութեան ցանկութեան եւ սեփական ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի համար»։ Ըստ Ֆրանսայի վարչապետի՝ ասոնք սկզբունքներն են, որոնք «Մոսկուան կ՚ոտնահարէ Ուքրանիոյ մէջ»։
«Ռուսիան կ՚ուզէ պատժել Հայաստանը անպատժելիութեան դէմ պայքարի ուղին ընտրելու եւ Միջազգային քրէական դատարանին միանալու համար եւ պարզապէս այն պատճառով, որ ան ընտրած է ժողովրդավարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը»,- նշած է Ֆրանսայի վարչապետը։
Աթալը նաեւ քննադատած է Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ուժի կիրառումը չդատապարտելու համար․ «Ռուսական այսպէս կոչուած «խաղաղապահ» ուժերը թոյլ տուած են, որ մարդասիրական ճգնաժամ տեղի ունենայ»,- ըսած է ան: