Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած են Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ դեսպանները: «Mehr» գործակալութեան տուեալով՝ իրանեան կողմը անոնց հետ առանձին հանդիպումներու ընթացքին դժգոհութիւն յայտնած է, որ Արեւմուտքը կը մեղադրէ Թեհրանը՝ Ռուսիոյ պալիսթիք հրթիռներ վաճառելու համար: Գերատեսչութիւնը անհիմն եւ կեղծ որակած է մեղադրանքը:
Դիւանագէտներու հետ հանդիպման իրանեան կողմը մտահոգութիւն յայտնած է, որ արեւմտեան երկիրները ռուս-ուքրանական հակամարտութեան Թեհրանի ենթադրեալ միջամտութեան պատրուակով կ՚ուզեն նոր հակաիրանական պատժամիջոցներ սահմանել:
Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը խոստացած է համապատասխան արձագանգ տալ Արեւմուտքի թշնամական դիրքորոշման: