«Ես համոզուած եմ, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կրնան հասնիլ խաղաղութեան». այս մասին թուիթըրեան իր էջին գրած է Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոսը, որ պաշտօնապէս աւարտած է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը այդ երկրին մէջ։
«Երէկ պաշտօնապէս աւարտեցաւ Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի իմ առաքելութիւնը։ Այն մեծ փորձ էր՝ պատմական պահուն: Ես երախտապարտ եմ Ատրպէյճանի մէջ ձեռք բերած բազմաթիւ ընկերներուն եւ կը մաղթեմ իմ իրաւայաջորդ Անն Պոյոնին ամենայն բարիք: Համոզուած եմ, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կրնան հասնիլ խաղաղութեան: Երբեք մի՛ յանձնուիք»,- գրած է Կրոս: