image

Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը համոզուած է, որ կողմերը պիտի հասնին խաղաղութեան

Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը համոզուած է, որ  կողմերը պիտի հասնին խաղաղութեան

«Ես համոզուած եմ, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կրնան հասնիլ խաղաղութեան». այս մասին թուիթըրեան իր էջին գրած է Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոսը, որ պաշտօնապէս աւարտած է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը այդ երկրին մէջ։

«Երէկ պաշտօնապէս աւարտեցաւ Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի իմ առաքելութիւնը։ Այն մեծ փորձ էր՝ պատմական պահուն: Ես երախտապարտ եմ Ատրպէյճանի մէջ ձեռք բերած բազմաթիւ ընկերներուն եւ կը մաղթեմ իմ իրաւայաջորդ Անն Պոյոնին ամենայն բարիք: Համոզուած եմ, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կրնան հասնիլ խաղաղութեան: Երբեք մի՛ յանձնուիք»,- գրած է Կրոս: