Ֆրանսայի մէջ բացուած են ընտրատեղամասերը՝ Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի՝ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու երկրորդ՝ եզրափակիչ, փուլի քուէարկութեան համար։
Ընտրութիւնները պիտի որոշեն, թէ արդեօք ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային միաւորում» կուսակցութիւնը պիտի դառնա՞յ Ազգային ժողովի առաջատար ուժը, եւ արդեօք անոր առաջնորդ Ժորտըն Պարտելան պիտի դառնա՞յ վարչապետ։
Առաջին պաշտօնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին երեկոյեան։
Նշենք, որ առաջին փուլին մասնակցութիւնը մրցանշային էր եւ գերազանցած էր 66%-ը։
Այս ընտրութիւններու միջոցով ֆրանսիացիները պիտի ընտրեն 577 պատգամաւոր, որոնք քաղաքացիներու շահերը պիտի ներկայացնեն երկրի խորհրդարանէն ներս։
Առաջին փուլին աջակողմեան «Ազգային միաւորում» կուսակցութիւնը Հանրապետական կուսակցութեան իր դաշնակիցներու հետ ստացած է ձայներու 33,15 տոկոսը, ձախակողմեան «Նոր ժողովրդական ճակատ»ը՝ 27,99 տոկոսը, իսկ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի դաշինքը՝ 20,04 տոկոսը:
Աջերու իշխանութեան գալը կանխելու համար Մաքրոնի թիմակիցներն ու ձախերը սկսած են ետ կանչել իրենց ընտրատարածքներու մէջ երրորդ տեղը զբաղցուցած թեկնածուները։ Կ՚ենթադրուի, որ երկրորդ փուլի ժամանակ, ուր «Ազգային միաւորման» թեկնածուները պիտի պայքարին Մաքրոնի դաշինքի կամ ձախերու պատգամաւորական թեկնածուներու հետ, «Ազգային միաւորում»-ը յաղթելու աւելի քիչ հնարաւորութիւն իտի ունենայ։
Ընդհանուր առմամբ 224 թեկնածու ինքնաբացարկ յայտնած է։
Երկրի ՆԳՆ-ն յայտարարած է, ընտրութիւններու արդիւնքներով պայմանաւորուած, անկարգութիւններու մեծ հաւանականութեան մասին։ Ֆրանսայի մյջ անվտանգութիւնն ապահովելու համար պիտի տեղակայուի աւելի քան 30 հազար ոստիկան, որմէ հինգ հազարը՝ Փարիզի եւ ատոր արուարձաններու մէջ։