Մեզի համար մեծ պատիւ է պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ Հայաստանի մէջ հիւրընկալել բարեկամ Ֆրանսայի Զինուած ուժերու նախարարը։
Այս մասին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ՊՆ նախարարներու համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է ՀՀ ՊՆ նախարար Սուրէն Պապիկեանը։
«Ֆրանսայի ԶՈՒ նախարարի այցն ակներեւ վկայութիւնն է այն բանի, որ թէեւ ՀՀ-ի ու Ֆրանսայի միջեւ ռազմական համագործակցութեան գործնական փուլը երկու տարին չի բոլորել, մեր համատեղ ջանքերի շնորհիւ այն արդէն համակարգային ու հեռահար բնոյթ ունի։
Ընդամէնը րոպէներ առաջ մենք աւարտեցինք մեր քննարկումները, որոնք ինչպէս միշտ անցան բովանդակային եւ գործնական մթնոլորտում։ Մեր համագործակցութեան օրարկարգն ընդգրկում է ԶՈՒ կենսագործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները։ Յատկապէս պէտք է ընդգծեմ պաշտպանական բարեփոխումների ուղղութեամբ համակողմանի խորհրդատուական աջակցութիւնը, ռազմական կրթութեան ոլորտը, լայն թափով զարգացող վարժանքների ուղղութիւնը։ Երկկողմ համագործակցութիւնը այս տարուանից դրուելու է յստակ պլանաւորման հիմքի վրայ եւ զարգանում է մէկ տասնեակից աւելի ուղղութիւններով»,-ըսած է ան։
Պապիկեանը նշած է, որ Լըքորնիւի հետ անդրադարձած են տարածաշրջանային ու անվտանգային հարցերուն։
«Կարեւորեցինք տարածաշրջանում երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումը եւ Հայաստանի՝ որպէս ազատ, ինքնիշխան եւ ժողովրդավար երկրի կայուն զարգացումը։
Քննարկումների արդիւնքում գոհունակութեամբ փաստեցինք նախկին պայմանաւորուածութիւնների ու ծրագրերի կատարման ընթացքը, ձեւաւորեցինք առաջիկայ անելիքների հարուստ օրակարգը, քիչ առաջ ստորագրուած փաստաթղթերը նոր հիմք են դնելու այդ օրակարգի զարգացման համար»,-ըսած է Սուրէն Պապիկեանը։
ՀՕՊ- Հրթիռներու մասին
Շատ չխորանամ, թէ ինչ սարքաւորումներ պիտի գան Հայաստան, բայց բոլորն ալ պաշտպանական նշանակութեան են, որովհետեւ այս տարածաշրջանին մէջ առաջնահերթ է ե՛ւ բնակչութեան, ե՛ւ սահմաններու պաշտպանուածութիւնը: Այս մասին Երեւանի մէջ ՀՀ ՊՆ նախարարի հետ համետեղ ասուլիսին յայտնեց Ֆրանսայի ԶՈւ նախարար Սեպասթիան Լըքորնիւն։
««Պասթիոն» զրահամեքենաներու խմբաքանակը եւս շուտով Հայաստան կը հասնի։ եթէ Հայաստանը կարճ, միջին եւ այլ հեռահարութեան ՀՕՊ հրթիռներու կարիք ունենայ, ապա ատոնք եւս կը տրամադրուին Հայաստանին»,- նշած է ան։
Ֆրանսայի ԶՈւ նախարարը նաեւ ըսած է, որ որեւէ մէկը չի կրնար քննադատել Հայաստանի բանակը՝ իր պաշտպանութեան ունակութիւնները զօրացնելու համար։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի ՊՆ ղեկավարը եւ Ֆրանսայի ԶՈւ նախարարը համագործակցութեան մասին նոր համաձայնագրեր ստորագրած են Երեւանի մէջ։
Համաձայնագրեր ստորագրուած են նաեւ ֆրանսական պաշտպանական կազմակերպութիւններու հետ։