Ֆրանսան 1 միլիոն եւրոյի ներդրում ըրած է` նախատեսուած ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի կողմէ Հայաստանի մէջ արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման ջանքերուն:
Այս մասին ըսուած է Պարէնի համաշխարհային ծրագրի X-ի (նախկին Թուիթեր) էջին։
«Հպարտութեամբ կը յայտարարնք Պարէնի համաշխարհային ծրագրի ղեկավար Սինտի Մըքքէյնի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի` Նիւ Եորքի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանսայի` Պարէնի համաշխարհային ծրագրի` Հայաստանի մէջ արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման ջանքերուն ուղղուած 1 միլիոն եւրոյի չափով ներդրման մասին: Մեր գործընկերութիւնը կ'ամրապնդենք` աջակցելու կարիքաւորներուն», - նշուած է գրառման մէջ։