Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդունած է Ֆրանսական պատուիրակութիւն մը։
Հակառակ դժուարին պայմաններուն հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանի քաղաքապետարանը, գլխաւորութեամբ քաղաքապետ ՝Մարտիկ Պօղոսեանի կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Օրերս քաղաքապետը ընդունած է ֆրանսական պատուիրակութիւն, որ իրազեկուած է հայկական աւանի ընդհանուր իրավիճակին ու նաեւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
Յիշեցնենք, որ նման բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու այցը վերջին շրջանին սկսած է դառնալ յաճախակի եւ այն կապ ունի «Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» ծրագրի շրջանակներուն հետ։
Ամէն պարագայի Ֆրանսական պատուիրակութեան այցին մասին մանրամասն լրատւութիւն կատարած է Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ը, ուրկէ կը կարդանք ՝
«Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» ծրագիրի իրականացման քայլերու ծիրին մէջ ֆրանսական պատուիրակութիւն մը շաբաթասկիզբին այցելեց Պուրճ Համուտ: Արդարեւ, հարաւային Ֆրանսայի (Փրովանս, Ալփ, Քոթ Տ՛Ազիւր) շրջանի փոխնախագահ, Միջազգային գործակցութեան եւ ելեւմտական հարցերու յանձնակատար Ժան Փիեռ Քոլին, երկուշաբթի, 14 փետրուար 2022-ի առաւօտուն ժողով մը գումարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ` ներկայութեամբ անոր ընկերացող պատուիրակութեան եւ «ԱՒԻԹԵՄ»-ի խորհուրդի անդամներուն: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ քաղաքապետ Պօղոսեան ներկայացուց ռազմավարական երկարաշունչ ծրագիրի կիրարկման դէմ ցցուող այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմակալէ երկիրը` ժողովուրդ թէ հաստատութիւններ, իրերայաջորդ տագնապներու եւ պայմաններու լոյսին տակ: Առ այդ, քաղաքապետ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ու բարձր գնահատեց Ֆրանսայի հարաւային շրջանի այս նախաձեռնութիւնը` Պուրճ Համուտի աջակցութեան եւ նշեալ ծրագիրի ամբողջացման ու գործադրութեան մեկնարկին գծով:
Իր կարգին, Ժան Փիեռ Քոլին, Ֆրանսայի եւ յատկապէս անոր հարաւային շրջանի ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեց, չզլանալու կարելի որեւէ զօրակցութիւն օգնելու համար լիբանանցիներուն` յաղթահարելու այս տագնապը:
Ապա ներկաները պարզեցին ապակեդրոնացեալ գործակցութեան «Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» խորագրեալ ծրագիրի ցարդ իրագործուած փուլերը:
Այս առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց ֆրանսական պատուիրակութեան նախագահ Ժան Փիեռ Քոլինը:
Աշխատանիստերու Բացում
Երեքշաբթի, 16 փետրուար 2022-ի առաւօտուն սկսաւ նշեալ ծրագիրի կիրարկման ծիրէն ներս կազմակերպուած աշխատանիստերու առաջին հանդիպումը, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Բացման նիստին ներկայ էին Ժտէյտէ-Պաուշրիէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, պետական վարչամեքենայի կարգ մը գրասենեակներու պատասխանատուներ, ՄԱԿ-ի միաւորներու, կուսակցական, կղերական, ժողովրդային միութիւններու, քաղաքացիական ընկերութեան եւ շրջանի ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետը ողջունելէ ետք ներկաները պարզեց շրջանի իրավիճակն ու անոր կրած անցեալի դառն պայմանները: Պօղոսեան յայտնեց, թէ անցեալին, տասնամեակներ շարունակ Պուրճ Համուտի շրջանը անտեսուած էր պետական հոգածութենէ եւ հաւասարակշռուած բարգաւաճման քայլերէ, իսկ գործադրուած բարեկարգման ծրագիրներուն մէջ զգալի էր ընկերային, կենսոլորտային եւ տնտեսական համապարփակ ուսումնասիրութեան հեռանկարի պակասը: «Սակայն ներկայ քաղաքապետութեան գործունէութեան ծիրին մէջ նախաձեռնեցինք բարեկարգման ծրագիրներու եւ գործարարներու ու յաճախորդներու ներգրաւման միջոցառումներու», շեշտեց Պօղոսեան` նշելով, որ Պուրճ Համուտը Լիբանանի բնակչութեան մանրանկարը կը պարզէ իր բազմատարր բնակիչներու համակեցութեամբ: Քաղաքապետ Պօղոսեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի հարաւային շրջանի պատկան մարմիններուն, որոնք կարճ, միջակ ու երկարատեւ ժամկէտներով ծրագիրներու նախաձեռնեցին` օժանդակելով Պուրճ Համուտի բարեկարգման եւ նորարարութեան քայլերու իրագործման:
Ապա խօսք առին նաեւ հարաւային Ֆրանսայի միջազգային գործակցութեան պատասխանատու Էմիլիօ Փերեզ եւ «ԱՒԻԹԵՄ»-ի ներկայացուցիչ Մարի Պետուիլ: Փերեզ վերահաստատեց Ֆրանսայի յատկապէս հարաւային շրջանի յանձնառութիւնը` զօրակցելու Լիբանանին եւ Պուրճ Համուտին, վերականգնելու իրենց ճիգերուն մէջ: Պետուիլ պարզեց նշեալ ծրագիրի ծիրին մէջ նախատեսուող աշխատանքի քայլերը, որոնք պիտի կատարուին մէկ շաբթուան տեւողութեամբ: Իր կարգին, Մարի Պետուիլ վերահաստատեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը գործակցութեան եւ օժանդակութեան պատրաստակամութեան գծով:
Նշենք, որ «Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» խորագրեալ ծրագիրը կը միտի նորարար ու բարգաւաճման ռազմավարական ծրագիրով օժանդակել քաղաքին: Այս աշխատանքի իրականացման իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի եւ Լիբանանեան համալսարանի պատկան մարմինները: