image

Ֆրանսացի յայտնի բեմադրիչ՝ Ալեն Ֆրանսոն ենթարկուած է յարձակման

Ֆրանսացի յայտնի բեմադրիչ՝ Ալեն Ֆրանսոն ենթարկուած է յարձակման

 

Ֆրանսայի մէջ յայտնի թատերական բմադրիչ Ալեն Ֆրանսոն յարձակման ենթարկուած է, անյայտ անձը փորձած է կտրել անոր կոկորդը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը:
75-ամեայ բեմադրիչը ծանր վիճակով հիւանդանոց տեղափոխուած է. անոր մօտ առկայ է պարանոցի խոր վնասուածք, վնասուած է քներակը:

Ոստիկանութիւնը աշխատանքներ կը տանի յայտնաբերելու յարձակում գործած անձը, արդէն գտնուած է յանցագործութեան ժամանակ օգտագործուած արիւնոտ դանակը:

Ալեն Ֆրանսոն թատրոններ գլխաւորած է Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ, այդ շարքին եւ՝ Փարիզի: 1995 եւ 2010 թուականին ան ճանչցուած է երկրի լաւագոյն թատերական բեմադրիչ: