image

Յայտնի արձանագործ Ռայըն Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանը պիտի կառուցէ

Յայտնի արձանագործ Ռայըն Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանը պիտի կառուցէ

Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբը 29 Յունուարին գոյացուց համաձայնութիւն մը մրցանակակիր արձանագործ Պրիթնի Ռայընի հետ, կառուցելու համար Ըրվայնի «Կրէյթ» հանրային պարտէզին մէջ զետեղուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը։

Ստորագրութեան արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Պատոլեան, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, ՀԵԴ «Աշոտ Երկաթ» ուխտի անդամ Կրեկ Միխանճեան, Յուշարձանի ձեւաւորման յանձնախումբէն Արլեթ Մատէնլեան, Լակունա Նիկէլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սթեֆընի Օտօ, Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբի ատենապետ, ինչպէս նաեւ Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ «Վարդանի Ասպետներ»ու անդամ դոկտ․ Գեւ Ապազաճեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքի երկար տարիներու ղեկավարներէն Կարօ Մատէնլեան

Ռայըն մինչեւ Ապրիլ պիտի պատրաստէ յուշարձանին մանրակերտը եւ կը ծրագրուի յուշարձանին պաշտօնական բացումը կատարել 2028ի գարնան։ Յուշարձանը պիտի ներկայացնէ մայր մը՝ մանուկ մը գրկած, իսկ անոնց շուրջ՝ խումբ մը թռչող կռունկներ, խորհրդանշելով վերապրումը, յիշողութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ կենաքի ու պատմութեան փոխանցումը՝ սերունդէ սերունդ։

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբը ի մը կը բերէ համայնքի գլխաւոր հայկական կազմակերպութիւնները։