Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու ոգեկոչման 110-ամեակի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, օրերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է ուշագրաւ միջոցառում մը:
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Փարիզէն:
Նշենք որ միջոցառման մասին դիմատետրեան էջի գրառումով մը անդրադարձած է նաեւ Ֆրանսայի համայնքային ազգային գործիչներէն՝ Սարօ Մարտիրեան: Ան կիսելով Լիւք Գարվունասի գրառումը մասնաւորապէս նշած է՝
«Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչումը շարունակելու է վառ պահել ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակը, որոնք արմատախիլ եղան: Ես անդրադարձայ անցեալ նոյեմբերին քաղաքապետարանի պատուիրակութեան մեր Հայաստան այցելութեան ժամանակ , ինչպէս նաեւ մշտական աջակցութեամբ Արցախի մեր ընկերներուն, որոնց մասին կը մտածենք եւ կը զօրակցինք իրենց ազատութեան պայքարին մէջ»: