2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին գերեւարուած Վիգէն Էօլճէքեանի ընտանիքը յայտնած է, որ ան արդէն 20 օր շարունակ հացադուլ կ՚ընէ Պաքուի բանտին մէջ։
Վիգէն Էօլճէքեանի կինը՝ Լինտա Մինասեան Էօլճէքեանը մասնաւորապէս գրած է. «Վիգէն Էօլճէքեանի ընտանիքը խոր ցաւով լեցուած է։
Երկար սպասուած ազատ արձակման մասին լաւ լուրեր լսելու փոխարէն, Պաքուէն այսօր ստացուած զանգը բացայայտեց, որ ան 20 օր է՝ հացադուլ կ՚ընէ։
Այն, ինչ պէտք է ըլլար յոյսի պահ մը, վերածուած է անտանելի տխրութեան եւ վախի»։