image

Ֆրանսա եւ Գերմանիա միասին են

Ֆրանսա եւ Գերմանիա միասին են

Ֆրանսան եւ Գերմանիան պարտաւորուած են գործել միասին, որպէսզի պաշտպանուին գիներու կտրուկ աճէն, ինչպէս նաեւ օգտագործել գանձային քաղաքականութիւնը մրցանշային բարձր գնաճի դէմ պայքարի համար, տեղեկացուցած է «Reuters»-ը։

Ֆրանսայի ելեւմուտի նախարար Պրունօ լը Մեր եւ անոր գերմանացի գործընկեր Քրիսթիան Լինտնըր միասնութիւն հանդէս բերած են Պրահայի մէջ եւրոգօտիի ելեւմուտի նախարարներու բանակցութիւններու սկիզբը՝ լրագրողներուն ըսելով, որ պիտի համագործակցին քաղաքականութեան հարցերով։ «Սա ազդանշան է այն մասին, որ Ֆրանսան եւ Գերմանիան այդ հանդիպումը միասին կը սկսին: Սա ազդանշան է այն մասին, որ մենք ուս ուսի տուած՝ կանգնած ենք ոչ միայն այստեղ, այլեւ քաղաքական առումով»,-ըսած է Լինտնըր։

«Որպէս ելեւմուտի նախարարներ մենք նաեւ պէտք է կատարենք մեր պարտականութիւնները»,-ըսած է Լինտնըր։ «Եւրոպական կեդրոնական դրամատունը ուժեղ ազդանշան տուած է՝ պայքարելու գնաճի դէմ։ Այնպէս որ, նաեւ մեր պարտքն է պայքարիլ գնաճի դէմ գանձային քաղաքականութեան օգնութեամբ»,-ըսած է ան։

«Մենք պիտի պաշտպանենք մեր տնային տնտեսութիւնները բարձր գիներու հետեւանքներէն։ Մենք պէտք է նոյնն  ընենք մասնաւոր ընկերութիւններու համար, որոնք տուժած են կազի եւ ելեկտրական ուժանիւթի բարձր գիներէն»,-ըսած է լը Մեր։

Ֆրանսան, Գերմանիան եւ այլ երկիրներ յայտարարած են բազմամիլիառանոց փաթեթներու մասին, որպէսզի օգնեն ձեռնարկութեան եւ սպառողներուն՝ յաղթահարել գնաճը։ Bruegel վերլուծաբանական կեդրոնի գնահատականներով՝ ԵՄ-ի պետական աջակցութիւնն արդէն հասած է 282 միլիառ եւրոյի, եւ կը սպասուի աւելին։

Բայց աջակցութիւնն ինքնին կրնայ սնել գնաճը՝ արատաւոր շրջան ստեղծելով։ Եւրոգօտիի ֆինանսներու նախարարները պիտի քննարկեն, թէ ինչպէս համակարգեն քաղաքականութիւնը, որպէսզի կանխեն այդ։

«Դրանք դժուար քննարկումներ են, բայց ես համոզուած եմ, որ կը գտնենք ընդհանուր լուծում, որ մեզի պէտք է»,- ըսած է Էսթոնիոյ ֆինանսներու նախարար Քէյթ Փենթուս-Ռոզիմանուսը։