image

Ֆրանք Փալոն. «Լուծումը՝ պատիժներով»

Ֆրանք Փալոն. «Լուծումը՝ պատիժներով»

Ամերիկացի քոնկրէսական Ֆրանք Փալոն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու պետական բաժանմունքին կոչ ըրած է յստակ միջոցներու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի դէմ, ներառեալ պատժամիջոցները։

«Ալիեւ առաջ կ'ընթանայ Հարաւային Հայաստանը զաւթելու իր նպատակին հասնելու համար։ Որեւէ կասկած չկայ, որ անոր վարչակարգը համարձակութիւն ստացած է, երբ հանդիպած է Արցախը ներխուժելու աննշան հետեւանքներու։ Ես կոչ ըրած եմ պետական բաժանմունքին յստակ միջոցներու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի դէմ, ներառեալ պատժամիջոցներ»,- գրած է ան Х-ի իր միքրոպլոկին։