image

Ֆէյսպուքի հիմնադիր Մարք Ցուքերպըրկ միլիառաւոր տոլարներ վնասեց

Ֆէյսպուքի հիմնադիր Մարք Ցուքերպըրկ միլիառաւոր տոլարներ վնասեց

Facebook-ի հիմնադիր Մարք Ցուքերպըրկ, ընկերութեան պատկանող ընկերային ցանցերու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային խափանումներու պատճառով, կորսնցուցած է 6,6 միլիառ տոլար եւ աշխարհի ամենահարուստ մարդոց ցուցակին մէջ իջած է վեցերորդ տեղը, ըստ Forbes Real-Time-ի տուեալներուն:

Ըստ Forbes-ի՝ Ցուքերպըրկի կարողութիւնը նուազած է 5.4 տոկոսով կամ 6,6 միլիառ տոլարով՝ հասնելով 116,1 միլիառ տոլարի:

Այսպիսով, Facebook-ի տնօրէնը ամենահարուստ մարդոց ցուցակին մէջ հինգերորդ տեղը զիջած է Oracle ծրագրային ապահովման նախագծող համահիմնադիր Լարի Էլիսընին, որու կարողութիւնը կը կազմէ 117,8 միլիառ տոլար: