image

Եզիտի մարզիկը «Կինըս»ի սահմանած նոր մրցանիշը նուիրած է Արցախի քառօրեայ պատերազմի զոհերուն

Եզիտի մարզիկը «Կինըս»ի սահմանած նոր մրցանիշը նուիրած է Արցախի քառօրեայ պատերազմի զոհերուն

25 Օգոստոսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ազգութեամբ եզիտի մարզիկ Մանուէլ Մամոյեան «Կինըս»ի նոր մրցանիշ սահմանեց՝ զայն նուիրելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին անմահացած հերոսներուն յիշատակին: Մանուէլը երկրորդ փորձին կրցաւ 1 վայրկեանուան մէջ բռունցքներուն վրայ 86 անգամ կատարել հենում-ծալում վարժութիւնը՝ նոր մրցանիշ սահմանելով: Նշենք, որ նախորդ մրցանիշը կը պատկանի Գանատան ներկայացնող Ռոյ Պերկերին՝ 84 անգամ: Վերջինս այս մրցանիշը սահմանած էր 18 Յունիսին։