image

Ըստ Արցախի ԱԺ նախագահին իշխանութիւնները կը փորձեն «Հայաստանի մէջ եղած վերջին կէտը վերցնել»

Ըստ Արցախի ԱԺ նախագահին իշխանութիւնները կը փորձեն «Հայաստանի մէջ եղած վերջին կէտը վերցնել»

Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանը ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Երեւանի Բիւզանդի փողոցի վրայ գործող Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին՝ յայտարարելով, որ այդ շէնքը միակ յենակէտն է, որ կը կապէ արցախցիները զիրար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։

«Գնահատականը միանշանակ է. ցանկանում են վերցնել այն վերջին կէտը, որը մենք այսօր ունենք Հայաստանի Հանրապետութիւնում։ Այդ շէնքը խորհրդանշական նշանակութիւն ունի Արցախի քաղաքացիների համար։ Երբ տարբեր գերատեսչութիւններում լուծումներ չեն գտնում, գալիս են Արցախի ներկայացուցչութեան շէնք եւ ստանում աջակցութիւն՝ թէ՛ իրաւական, թէ՛ այլ հարցերում։ Մենք այդտեղ զբաղւում ենք բացառապէս մեր խնդիրներով։ Չենք ներգրաւուում Հայաստանի ներքաղաքական հարցերին», – ընդգծած է Դանիէլեանը։

Ան շեշտած է, որ Արցախի հարցը որեւէ իշխանութիւն չի կրնար փակել։

«Մեր հիմնական խնդիրը վերադարձն է, որն անսակարկելի իրաւունք է։ Ոչ ոք չի կարող այդ իրաւունքը մեզանից խլել։ Արցախի Ազգային ժողովը, որպէս ընտրուած եւ լեգիտիմ մարմին, շարունակում է գործել այդ շէնքում։ Ներկայում շրջանառուող մօտեցումները՝ իբր պետութիւն պետութեան ներսում, անհեթեթ են։ Այդ շէնքի գործառոյթները սահմանափակելու մասին խօսակցութիւնները զուրկ են իրաւական որեւէ հիմքից», -ըսած է ան։

Դանիէլեանի խօսքով՝ շէնքը Արցախի Հանրապետութեան տրամադրուած է ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ՝ դեռ 1997 թուականէն։

«Շէնքի սեփականատէրը Արցախի կառավարութիւնն է։ Եթէ փորձեն խլել այն, դա կը լինի օրէնքից դուրս գործողութիւն։ Այդ պարագայում փաստացի կը խօսենք շէնքն անօրինական ձեւով յափշտակելու մասին», – ըսած է ան։

Ան նաեւ նշած է, որ թէ՛ Արցախէն, թէ՛ Հայաստանէն փաստաբաններու խումբ ձեւաւորուած է, որ կը փորձէ իրաւական ճանապարհով պաշտպանել ներկայացուցչութեան շէնքը։

Դանիէլեանը մեկնաբանած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ասուլիսը, ուր վերջինս յայտարարած էր, թէ Արցախի տարածքը ճանչցուած է որպէս Ատրպէյճանի մաս։

«Դժուար է մեկնաբանել վարչապետի նման յայտարարութիւնները։ Եթէ Արցախը երբեւէ եղել է Ատրպէյճանի մաս, ապա ինչո՞ւ էր ստեղծուել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, որն այդ տարածքը դիտարկել է որպէս վիճարկելի։ Ո՛չ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, ո՛չ Ռոբերտ Քոչարեանը, ո՛չ Սերժ Սարգսեանը երբեւէ չեն ճանաչել Արցախն Ադրբեջանի կազմում։ Միայն այս իշխանութիւններն են նման քայլի գնացել», – ըսած է Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահը։

Դանիէլեանի խօսքով՝ երբ այսօր տարբեր պետութիւններու խորհրդարաններ ու միջազգային կառոյցներ կը շարունակեն խօսիլ Արցախի մասին, կ՚ընդունին բանաձեւեր եւ կ՚արձանագրեն վերադարձի իրաւունքը, ապա խօսիլ հակառակի մասին՝ միայն Հայաստանի գործող իշխանութիւններու քաղաքականութիւնն է։

«Ամբողջ աշխարհում խօսւում է Արցախի մասին, ընդունւում են բանաձեւեր, գործում են միջազգային իրաւական մեխանիզմներ, ՄԱԿ-ի դատարանն անգամ միջանկեալ որոշումներ ունի։ Այս համատեքստում միայն Հայաստանի գործող իշխանութիւնն է խոչընդոտում այդ գործընթացը։ Սա հակահայկական քաղաքականութիւն է, եւ որեւէ մէկն այլեւս չի կարող դա թաքցնել», – եզրափակած է ան։