Եւրոպան կրնայ ռուսական կազ ստանալ Թուրքիոյ «կազային հանգոյցի» միջոցով, նման անհրաժեշտութիւն կայ, ըսած է Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալըն։
Փութին եւ Էրտողան աւելի վաղ յանձնարարած էին մանրամասն եւ արագ մշակել Թուրքիոյ մէջ կազային հանգոյց ստեղծելու հարցը, որով, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կրնայ կազի տարանցումը Հիւսիսային հոսքէն դէպի Սեւ ծովու տարածաշրջան եւ Թուրքիա տեղափոխել։
«Եւրոպայի կողմէ ռուսական կազէն հրաժարիլը հեշտ գործընթաց պիտի չըլլայ, այդ տարիներ պիտի պահանջէ, ուստի այժմ Եւրոպայի համար աւելի ձեռնտու է ռուսական կազ ստանալ Թուրքիոյ տարածքով, քան այլընտրանքային ուղիներ կառուցելը», -ըսած է Քալըն։