ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը յայտարարած է, որ Եւրոպայի անվտանգութեան հետ կապուած ներկայիս իրավիճակը կը համարէ «Պաղ պատերազմի ժամանակներէն ի վեր ամենաբարդը», բայց կը հաւատայ դիւանագիտութեան ուժին:
«Մենք կը կիսենք խոր մտահոգութիւնը ռուս-ուքրանական սահմանին վտանգներու աճի վերաբերեալ: Իմ պատկերացմամբ` մենք ամենավտանգաւոր ժամանակները կ'ապրինք Պաղ պատերազմի աւարտէն յետոյ, բայց միեւնոյն ժամանակ մենք կը շարունակենք համարել, որ դիւանագիտութեան համար հնարաւորութիւն կը մնայ», ըսած է Պորելը ԱՄՆ-ի մէջ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին:
Ան վստահ է, որ «անհրաժեշտ է շարունակել երկխօսութիւնը Ռուսաստանի հետ, հաշուի առնել միմեանց մտահոգութիւնները` վատագոյնէն խուսափելու համար»: