Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար իր մտահոգութիւնը յայտնած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճով:
«Մտահոգուած եմ այս շաբաթ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճով: Կարեւոր է չէզոքացնել, անդրադառնալ պատճառներուն եւ ներգրաւուիլ համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներու մէջ», Թուիթըրի իր էջով գրած է գործիչը: