image

Եւրոպացի պաշտօնատար. «Մտահոգ ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ լարուածութեամբ»

Եւրոպացի պաշտօնատար. «Մտահոգ ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ լարուածութեամբ»

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար իր մտահոգութիւնը յայտնած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճով:

«Մտահոգուած եմ այս շաբաթ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճով: Կարեւոր է չէզոքացնել, անդրադառնալ պատճառներուն եւ ներգրաւուիլ համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներու մէջ», Թուիթըրի իր էջով գրած է գործիչը: