image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպացի դէտերը Երեւան կը ժամանեն. Թոյվօ Քլաար

Եւրոպացի դէտերը  Երեւան կը ժամանեն. Թոյվօ Քլաար

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը թուիթըրեան էջի միջիցաւ յայտնած է, որ այսօր Եւրոպական Միութեան մշտադիտարկողներու նախնական խումբը պիտի ժամանէ Երեւան:

«Այսօր ԵՄ մշտադիտարկողներու նախնական խումբը պիտի ժամանէ Երեւան։ Անդամ 27 երկիրները արագ գործած են Հայաստանի հարցումին արձագանգելու համար։ ԵՄ (քաղաքացիական առաքելութեան՝ խմգ.) տեղակայման նպատակը պիտի ըլլայ վերահսկել իրավիճակը եւ տեղւոյն վրայ աջակցիլ հայ-ատրպէյճանական կայունացման», - գրած է ան։

Հայաստան քաղաքացիական առաքելութիւն ուղարկելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է անցեալ շաբաթ Փրակի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ղեկավարներու եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահի բանակցութիւններու աւարտին։

Ըստ քառակողմ յայտարարութեան՝ Հայաստանը համաձայնած է ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայել Ատրպէյճանի հետ սահմանին։ Պաքուն, որ նախապէս մերժած էր տարածաշրջանին մէջ միջազգային դիտորդներ տեղակայելու առաջարկը, խոստացած էր համագործակցիլ «այնքանով, որքան այդ կ'առնչուի իրեն»: