Եւրայանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն ողջունած է Ֆլորիտայի մէջ կայացած` Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպումը:
«Կ'ողջունենք ձեռք բերուած առաջընթացը: Եւրոպան պատրաստ է շարունակել համագործակցութիւնը ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ հետ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։ Զելենսքիի, Թրամփի եւ ԵՄ առաջնորդներու հետ զրոյցը լաւ էր»,- նշած է պաշտօնեան։
Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին ալ նշած է, որ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններն առաջ շարժած են, սակայն բաց հարցեր դեռ կը մնան:
Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթուպն ալ անդրադարձած է Թրամփի եւ Զելենսքիի հետ եւրոպացի առաջնորդներու զրոյցին: «Մենք քննարկած ենք պատերազմը դադրեցնելու յստակ քայլեր։ Մենք բոլորս կ'աշխատինք արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար»,- նշած է Սթուպ: