image

Եւրոխորհրդարանը պէտք է յստակօրէն քննադատէր Թուրքիոյ ապակառուցողական դերը ԼՂ հակամարտութեան մէջ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ

Եւրոխորհրդարանը պէտք է յստակօրէն քննադատէր Թուրքիոյ ապակառուցողական դերը ԼՂ հակամարտութեան մէջ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ

Եւրոպական խորհրդարանը եւ առհասարակ ԵՄ-ն պէտք է յորդորեն Թուրքիոյ զերծ մնալ նախապայմաններ առաջադրելէ, մասնաւորապէս, հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապելէ եւ անով ատրպէյճանական շահերուն ծառայելէ:

 

Եւրախորհրդարանը պէտք է յստակօրէն քննադատէր Թուրքիոյ ապակառուցողական դերը ԼՂ հակամարտութեան մէջ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը:

Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի.

«Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է Թուրքիոյ վերաբերեալ ամէնամեայ յառաջընթացի զեկոյց: Ինչպէս նախորդ վեց տարիներուն, խորհրդարանը կոչ կ'ընէ Թուրքիոյ` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` յղում ընելով 2015 թուականի Ապրիլ 15-ին ընդունուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի բանաձեւը:

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ'ողջունէ Եւրոպական խորհրդարանի սոյն բանաձեւը, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող հատուածը: Այնուամենայնիւ, խորհրդարանը պէտք է յստակօրէն քննադատէր Թուրքիոյ ապակառուցողական դերը Ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ, ինչպէս այդ կատարեց իր անցեալ տարուայ զեկույցին մէջ: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող երկխօսութեան գործընթացը գնահատելով` Եւրոպական խորհրդարանը եւ առհասարակ ԵՄ-ն պէտք է յորդորեն Թուրքիոյ զերծ մնալ նախապայմաններ առաջադրելէ, մասնաւորապէս, հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապելէ եւ անով ատրպէյճանական շահերուն ծառայելէ: Ցաւօք, ցայժմ երկխօսութեան ժամանակ թրքական մտադրութիւնները եղած են կամ կրկնօրինակ, կամ նպատակադրուած են պարտադրել սեփական կամքը, գործընթաց մը, որ քիչ կապ ունի սեփական անցեալին անկեղծօրէն առերեսուելու հետ:

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը պիտի շարունակէ վերոյիշեալ հարցերը պահել ուշադրութեան կեդրոնին: