image

Եթէ Փութին միջուկային զէնք կիրառէ, կը դառնայ օրինական ռազմական թիրախ. Պոլթըն

Եթէ Փութին միջուկային զէնք կիրառէ, կը դառնայ օրինական ռազմական թիրախ. Պոլթըն

ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտարարած է, որ եթէ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին միջուկային զէնք օգտագործէ, ապա այդպիսով պիտի ստորագրէ իր ինքնասպանութեան գրութիւնը։

Անոր խօսքով՝ միջուկային զէնքի կիրառման պարագային գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը կը դառնայ «օրինական ռազմական թիրախ»։

«Ան ռուսական բանակի որոշումներու կայացման եւ վերահսկողութեան կեդրոնն է։ Մենք այդ կ'անուանենք ազգային հրամանատարական իշխանութիւն: Հետեւաբար ան օրինական ռազմական թիրախ է: Կը կարծեմ կան շատ այլ բաներ, որոնք մենք նոյնպէս կրնանք ընել. Փութին պէտք է իմանայ, որ մեր թիրախներու ցանկին մէջն է», -ըսած է Պոլթըն CBS-ին:

Սպիտակ տան նախկին խորհրդականը չի հաւատար, որ միջուկային զէնքի օգտագործումն անխուսափելի է։ Բայց ան յորդորած է լուրջ վերաբերիլ նման զէնքի հնարաւոր կիրառման: Պոլթընը չի տեսներ, որ աշխարհը միջուկային հարուածներով փոխանակման շեմին է, ինչպէս վերջերս յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը։