image

Եթէ ԱՄՆ-ն հարուածէ Իրանը, «կը տրուի պատկերացուածէն բոլորովին դուրս պատասխան». Իրանի ԱԳՆ

Եթէ ԱՄՆ-ն հարուածէ Իրանը, «կը տրուի պատկերացուածէն բոլորովին դուրս պատասխան». Իրանի ԱԳՆ

Եթէ Միացեալ Նահանգները հարուածէ Իրանը եւ անոր հետ կապուած ենթակառուցուածքը, «կը տրուի պատկերացուածէն բոլորովին դուրս պատասխան»: Այդ մասին Մինսքի մէջ Եւրասիական անվտանգութեան բարձր մակարդակի համաժողովի շրջածիրէն ներս լրագրողներուն յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մոհամմատ Հասան Շէյխ ալ-Իսլամին, հաղորդած է «Վետոմոսթի»-ի թղթակիցը։

«Պաղեստինցիները եւ Կազայի հատուածի բնակիչները պաշտպանելու համար անհրաժեշտ միջոցներ պէտք է ձեռնարկուին բոլոր երկիրներու կողմէ։ Միացեալ Նահանգները առաջին անգամը չէ, որ մեզ կը սպառնայ հարուածներով, մենք վարժ ենք ամէնօրեայ սպառնալիքներուն։ Բայց ամէն պարագայի, եթէ տեղի ունենայ, եթէ անոնք նման տեսակի սխալներ թոյլ տան, Իրանի պատասխանը դուրս կ՚ըլլայ բոլոր պատկերացումներէն», -ըսած է ալ-Իսլամին։