Իրանի միջուկային կառոյցներու վրայ Իսրայէլի յարձակման պարագային Թեհրան Միացեալ Նահանգները պիտի դիտարկէ որպէս նման յարձակման մեղսակից եւ պիտի ստիպէ անոր պատասխան տալ ատոր համար: Այս մասին յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Ապպաս Արաքչին։
«Իրանը կը նախազգուշացնէ Սիոնիստական ռեժիմը (նկատի ունի Իսրայէլը-Խմբ.) զերծ մնալ որեւէ հապճեպ գործողութենէ եւ կը յայտարարէ, որ այս ռեժիմի կողմէ որեւէ սպառնալիք կամ խախտում պիտի ստանայ կոշտ եւ վճռական պատասխան։ Մենք նաեւ համոզուած ենք, որ Սիոնիստական ռեժիմի կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջուկային կառոյցներու վրայ յարձակման պարագային Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մեղսակից պիտի ըլլայ այս յարձակման եւ իրաւական պատասխանատւութիւն պիտի կրէ ատոր համար»,-ըսած է Արաքչին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիո Կութերեշին եւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսիին ուղղուած նամակին մէջ։
«Կրկնուող սպառնալիքներու հետ կապուած Իրանը ստիպուած պիտի ըլլայ շարք մը միջոցներ ձեռնարկել իր միջուկային կառոյցները պաշտպանելու համար, որու մասին պիտի տեղեկացուի Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան»,- աւելցուցած է դիւանագէտը։
Անոր խօսքով՝ «Իրանի միջուկային ծրագիրը եղած է եւ կը մնայ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան համապարփակ վերահսկողութեան ներքոյ, եւ գործակալութեան ոչ մէկ զեկոյց մատնանշած է ծրագրի խաղաղ բնոյթէն որեւէ շեղում»։
«Միջուկային կառոյցներու վրայ յարձակման որեւէ սպառնալիք միջազգային իրաւունքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կանոնադրութեան խախտում է»,- նշած է Արաքչին։
Մայիս 21-ին CNN-ը, վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու իշխող շրջանակներու աղբիւրները, յայտնած էր, որ Իսրայէլը հարուած կը նախապատրաստէ Իրանի միջուկային ենթակառուցուածքին: Հեռուստաալիքի աղբիւրի խօսքով՝ նման հարուածի հաւանականութիւնը վերջին ամիսներուն զգալիօրէն աճած է։ Հնարաւոր է, որ հրէական պետութիւնը փորձէ ուժ ցուցաբերել, որ ստիպէ Թեհրանին երթալ զիջումներու Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններուն մէջ կամ խաթարել կարգաւորման գործընթացը։
Միացեալ Նահանգները եւ Իրանը, Օմանի միջնորդութեամբ, բանակցութիւններու չորս փուլ անցած են Թեհրանի միջուկային ծրագրի շուրջ տարաձայնութիւնները լուծելու համար: