image

Երուսաղէմի Քրիստոնեայ Տաճարական Ասպետներու այցը՝ Պոլսոյ պատրիարքին

Երուսաղէմի Քրիստոնեայ Տաճարական Ասպետներու այցը՝ Պոլսոյ պատրիարքին

Օրերս Պոլիս գտնուող Երուսաղէմի Քրիստոնեայ Տաճարական ասպետներու ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Տէյվիտ Էփլըպայի, հիւրընկալուած է Սահակ Բ. Պատրիարքի կողմէ։

Հիւրերը այս առթիւ Նորին Ամենապատուութեան նուիրած են հաստատութեան պատւոյ շքանշանը։

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Ն.Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 14 Մայիս 2024, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Քրիստոնեայ Տաճարական Ասպետներու ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Տէյվիտ Էփլըպայի։ Հիւրերը, որոնք այս օրերուն կ'այցելեն քաղաքս, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի հետ հանդիպում ունենալու կարգին փափաքած են նաեւ այցելել Հայոց Պատրիարքարան եւ ստանալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ աշխարհը այսօր կարիքը ունի խաղաղութեան։ Եւ մերօրեայ պայմաններուն մէջ կարեւոր է, որ եղբայրութիւնը, սէրը եւ միասնականութիւնը տիրապետէ մարդկանց սրտերուն մէջ։ Մեր Հոգեւոր Պետը հիւրերուն նուիրեց «Քրիստոնէութեան Հիմնական Սկզբունքները» գիրքին անգլերէն թարգմանութենէն օրինակներ։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար եւ այս առթիւ Նորին Ամենապատուութեան նուիրեցին հաստատութեան պատւոյ շքանշանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն նուէրին համար եւ նուիրեց Աղթամարի Յիսուսի քանդակի օրինակով պատրաստուած նկարի առընթեր փայտեայ փորագրուած պտղաման մը։

Նուէրներու փոխանակումէն յետոյ հիւրերը Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի առաջնորդութեամբ այցելեցին Պատրիարքարանի հաւաքածոն եւ ապա Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին։