image
Հրատապ լուրեր:

Երուսաղէմի մէջ. Մահացած է Մարի-Հռիփսիմէ Կարապետեան

Երուսաղէմի մէջ. Մահացած է Մարի-Հռիփսիմէ Կարապետեան

  Օրերս  Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է տեղի հայկական  համայնքի  յարգուած անդամուհի՝  Մարի Հռիփսիմէ Կարապետեան։

 Հանգուցեալը եղած է անդամ Երուսաղէմի ՀԵՄ-ին, որ  այս տխուր առթիւ ալ  ներկայացուցած է կարճ մահագրական մը։

 

ՀԵՄ-ի վարչութիւնը կը գուժէ մահը Սաղիմահայ Տիկին Մարի Հռիփսիմէ Կարապետեանի որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան։

Այս առթիւ ՀԵՄ-ի վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Տիկ. Մարիի բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։

 

Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր, 2023-ին կէսօրէ ետք ժամը 2-ին Սիոն լեռան վրայ գտնուող Յունաց եկեղեցւոյ մէջ։