image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի նոր գերագոյն առաջնորդը մերժած է ԱՄՆ-ի հետ լարուածnւթեան նուազեցման առաջարկները. Reuters

Իրանի նոր գերագոյն առաջնորդը մերժած է ԱՄՆ-ի հետ լարուածnւթեան նուազեցման առաջարկները. Reuters

Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Մոժթապա Խամենէին մերժած է ԱՄՆ-ի հետ լարուածութեան նուազեցման կամ հրադադարի վերաբերեալ առաջարկները, որոնք փոխանցուած էին Թեհրանին երկու միջնորդ երկիրներու կողմէ։ Այս մասին հաղորդած է Reuters-ը։

Ըստ պաշտօնեայի՝ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով իր առաջին նիստի ընթացքին Խամենէիի դիրքորոշումը ԱՄՆ-էն եւ Իսրայէլէն վրէժխնդիր ըլլալու հարցով եղած է չափազանց կոշտ։ Աղբիւրը չէ յստակեցուցած՝ առաջնորդն անձամբ ներկայ եղած է նիստին թէ ոչ։

Բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ խնդրած է չհրապարակել իր անունը, յայտնած է, որ գերագոյն առաջնորդը ըսած է՝ խաղաղութեան համար ճիշդ ժամանակը չէ՝ քանի դեռ ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը ծունկի չեն եկած, իրենց պարտութիւնը չեն ընդունած եւ փոխհատուցում չեն վճարած։