Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ինչպէս կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոստի» գործակալութիւնը, Թուրքիոյ նախագահը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ, անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեանն այն մասին, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան առումով Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կան, ըսած է, որ Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու աստիճանական կարգաւորման։
Էրտողանն ըսած է, որ տարածաշրջանին կառուցողական մօտեցում պէտք է՝ նշելով, որ ոչ վաղ անցեալի պատմութիւնը պէտք չէ թշնամանքի աղբիւր ըլլայ եւ կառուցողական քայլեր պէտք է ձեռնարկուին կայուն խաղաղութեան եւ համակեցութեան համար:
«Միակողմանի մեղադրանքներու փոխարէն պէտք է գերակշռեն հեռանկարային, իրատեսական մօտեցումները: Մենք կրնանք աշխատիլ աստիճանաբար կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի կառավարութեան հետ, որ յայտարարած է, որ պատրաստ է շարժիլ այս ուղղութեամբ: Այժմ մենք պէտք է խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը դարձնենք մշտական, եւ պայմաններ ապահովենք տնտեսական զարգացման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան համար: Եթէ նոյնիսկ կան տարաձայնութիւններ, հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը յարգելու հիման վրայ»,- ըսած է Էրտողանը։
Թուրքիոյ նախագահի խօսքով՝ տնտեսական զարգացման հարցերով զբաղուիլը եւ համագործակցութեան համար պայմաններ ստեղծելը հնարաւոր են միայն կայուն խաղաղութեան ապահովումէն ետք։
Էրտողանը կրկին անդրադարձած է այսպէս կոչուած «Վեցի հարթակ»-ին, որուն կրնան մասնակցութիւն ունենալ Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Ռուսաստանը, Իրանը, Հայաստանը, Վրաստանը։ Անոր խօսքով՝ եթէ այդպիսի հարթակի կազմակերպումը հնարաւոր դառնայ, տարածաշրջանին մէջ շատ աւելի հանգիստ կ'ըլլայ իրավիճակը։
Ան աւելցուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ անհրաժեշտ է երկաթուղային եւ ինքնաշարժային ճանապարհներ կառուցել, «որոնք երկիրները կը կապեն, եւ այդպիսով շատ խնդիրներ կը յաղթահարուին»։