image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողանին Նոպէլեան մրցանակ տալու թեման դարձեալ ջուրի երես դուրս կու գայ

Էրտողանին Նոպէլեան մրցանակ տալու թեման դարձեալ ջուրի երես դուրս կու գայ

Թուրքմենստանի նախկին նախագահ, ներկայիս Ժողովրդական խորհուրդի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովն Անգարայի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին ելոյթի ժամանակ առաջարկած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի համար առաջադրել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։ Այս մասին յայտնած է «Անատոլու գործակալութիւնը»:

Հանդիպման Պերտիմուհամետովը նշած է, որ «22 տարի մօտէն ծանօթ է Էրտողանի հետ», որ, ըստ անոր, «ականաւոր անհատականութիւն է եւ համաշխարհային մակարդակի քաղաքական գործիչ»։

Պերտիմուհամետովի կարծիքով՝ «Թուրքիոյ նախագահը մեծ աշխատանք կը կատարէ՝ ապահովելու խաղաղ կեանք ոչ միայն իր ժողովուրդի, այլեւ բոլոր իսլամ ժողովուրդներու համար»։

«Ասկէ մեկնելով՝ կ'առաջարկուի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի համար առաջադրել Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահը, եւ մենք լիովին կ'աջակցինք բոլոր համապատասխան առաջարկներուն։ Ան այս միջազգային մրցանակին արժանի առաջնորդ է», -ըսած է Թուրքմենստանի նախկին ղեկավարը։