image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողանի վարկանիշը կը շարունակէ նահանջել

Էրտողանի վարկանիշը կը շարունակէ նահանջել

Թրքական «Yöneylem» ընկերբանական կազմակերպութիւնը հարցում կատարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանրային վարկանիշը պարզելու համար:

Այն հարցին, թէ արդեօք կը քուէարկէիք Էրտողանի օգտին, եթէ առաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն Էրտողանն առաջադրէր իր թեկնածութիւնը, հարցուածներու 56,9 տոկոսը տուած է բացասական, 32,6 տոկոսը դրական պատասխան, իսկ 8 տոկոսն ալ ըսած է. «կրնայ ըլլալ ձայն տամ, կրնայ ըլլալ չտամ»:

Ընկերբանական կազմակերպութիւնը նաեւ հետաքրքրուած է, թէ որ կուսակցութեան ձայն կու տան Թուրքիոյ քաղաքացիները, եթէ այժմ տեղի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Հարցման մասնակիցներու 35,8 տոկոսը նշած է, որ իր ձայնը կու տայ Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութեան, 21,9 տոկոսը՝ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP), 11,6 տոկոսը՝ ընդդիմադիր, ազգայնական «İYİ» (Լավ) կուսակցութեան, 8,5 տոսոկը՝ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան»՝ իսկ 6,1 տոկոսը՝ «Գորշ գայլեր»ու քաղաքական թեւը համարուող «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (ԱՇԿ-MHP), 0,8 տոկոսը՝ «Saadet» կուսակցութեան, 1,2 տոկոս՝ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանի կողմէ հիմնադրուած ընդդիմադիր «Ժողովրդավարութիւն եւ առաջընթաց» (DEVA) կուսակցութեան, իսկ 0,5 տոկոսը՝ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ հիմնադրուած «Ապագայի կուսակցութեան»։

 

Լուրը՝ «Ermenihaber»-էն