Թուրքիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական 28-րդ ընտրութիւններուն, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութիւնը, որուն առաջնորդը, երկրի նախագահ՝ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանն է, ստանալով քուէներու 35%-ը, ապահոված է ամենաբարձր ցուցանիշը:
Ըստ թրքական աղբիւրներու՝ 2018-ի ընտրութիւններուն համեմատ, ԱԶԿ-ն 75 նահանգներու մէջ կորսնցուցած է, իսկ 6 նահանգներու մէջ անոր քուէներու քանակը աւելցած է:
Վերոնշեալ 6 նահանգներն են՝ Թուրքիոյ արեւմուտքը գտնուող Իգտիրը, հարաւ-արեւմուտքի՝ Պաթմանը, Շըրնաքը, Տիարպէքիրը եւ Հաքքարին, իսկ հիւսիս-արեւմուտքի մէջ՝ Պայպուրթը: