Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով այսօր՝ 25 սեպտեմբերին, ժամանած է Նախիջեւան։
Կը նախատեսուին բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային թեմաներ։
Ալիեւն ու Էրտողանը պիտի մասնակցին Իգտիր-Նախիջեւան կազատարի կառուցման մեկնարկի արարողութեանը եւ Նախիջեւանի արդիականացուած ռազմական համալիրի բացման, յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը։