image

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութերեշ Երեւան ժամանած է

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութերեշ Երեւան ժամանած է

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ այս գիշեր ժամանած է Հայաստան։ Այս մասին կը յայտնէ կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը։

Կութերեշ Հայաստան ժամանած է՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագրի կողմերու 17-րդ համաժողովին՝ COP17-ին։

«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ անոր դիմաւորած է Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան։

Նախատեսուած են Կութերեշի հանդիպումները վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ։

ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովը (COP17) տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ՝ 2026 թուականի Հոկտեմբեր 19-30-ը։

 

Հայաստան պիտի ժամանէ շուրջ 15 հազար մարդ, իսկ համաժողովին մասնակցելու նպատակով կ՚ակնկալուին շուրջ 190 երկիրներէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ։